Ձեւի եւ ձեւականութեան մեր ժամանակներուն, մարդ էակը այնքան կարօտը ունի խորքային ճշմարիտ խօսքի, որ արտայայտէ իրա՛ւ ապրումներ, անկեղծ զգացումներ, ինքնատիպ մտքեր: Այլապէս, ամբողջ ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ԴԱՇՏԸ եւ անոր յարակից հարթակները ողողուած են ՄԱԿԵՐԵՍԱՅԻՆ լուրերով, աննշան երեւոյթներով, բան չըսող արտայայտութիւններով, որոնք կարծէք կը միտին մարդկային կեանքը դարձնելու ծանծաղ, դիւրաւ կառավարելի` ի շահ աշխարհակալ որոշ ոյժերու, որոնք անտեսանելի թելերով կը ձեռնավարեն մարդոց կեանքը, անոնց ճաշակը, ապրելակերպը, գիտակցութեան մակարդակը: Կարեւոր դարձած է տեղեկութեանց առատ հոսքը, քանակը` ի վնաս եւ ի հաշիւ ԿԵԱՆՔԸ արժեւորող ՈՐԱԿԻ: